«Ալիք»
Սեպտեմբեր 10, 2008
Գերշ. Տ. Սեպուհ Ս. արք. Սարգսեան
Առաջնորդ Թեհրանի հայոց
Սիրելի Սրբազան,
Քիչ առաջ Դամասկոս, Սիրիա տւած մեր պաշտօնական այցելութեան ընթացքին խոր ցաւով իմացանք Թուրքիոյ ու Իրանի սահմաններու մերձակայ շրջանէն ներս պատահած ահաւոր արկածի մասին։ Արդարեւ, մեզի հասած տեղեկութիւններու համաձայն՝ շուրջ 17 հայորդիներ զոհ գացած են ինքնաշարժի արկածին, եւ նոյն թիւով անձեր ծանրօրէն վիրաւորւած։ Յիշեալ ցաւալի արկածը տեղի կունենայ, երբ Թեհրանէն, Ուրմիայէն, Թաւրիզէն ու Նոր Ջուղայէն խումբ մը ուխտաւորներ մեկնած էին Արեւմտեան Հայաստան՝ հաւատքի խոր ապրումներով ու ազգային տենչերով ոգեւորւած՝ այցելելու հայ ժողովուրդի հաւատքի ու ստեղծագործ ոգիի արտայայտութիւն եղող մեր դարաւոր հոգեմտաւոր կենտրոնները։
Արդարեւ, մեծ է կորուստը. ծանր է հարւածը Իրանի հայութեան ու խոր է մեր ցաւը։ Վիշտով ու սուգով լեցուն սա պահուն կը բաժնենք ձեզմէ իւրաքանչիւրին եւ ձեր բոլորին խոր ցաւը։ Կեանքի նման պահերուն, ամէն բանէ առաջ, պէտք է դառնանք Սուրբ Հոգւոյ՝ խնդրելով Անոր մխիթարութիւնը, խնդրելով, որ Ան Իր երկնային թագաւորութեան մէջ ընդունի զոհւած մեր անմեղ հայորդիներուն հոգիները։
Մեր խորազգաց ցաւակցութիւնները կը յայտնենք՝ Թեհրանի հայոց առաջնորդ Գերշ. Տ. Սեպուհ Ս. արք. Սարգսեանին, Սպահանի հայոց առաջնորդ Գերշ. Տ. Բաբգէն Ս. եպս. Չարեանին եւ Ատրպատականի հայոց առաջնորդ Գերշ. Տ. Նշան Ս. եպս. Թոփուզեանին, երեք թեմերու ազգային իշխանութեանց, արկածի զոհերու ընտանիքներուն, ինչպէս նաեւ՝ ամբողջ Իրանի հայութեան։
Կաղօթենք առ Բարձրեալն Աստւած, որ նման փորձանքներէ հեռու պահէ Իրանի մեր ժողովուրդը, ինչպէս նաեւ՝ աշխարհի բոլոր կողմերը ապրող մեր ժողովուրդի սիրելի զաւակները։
Հայրապետական օրհնութեամբ եւ հայրական ջերմ սիրով
Աղօթարար՝
ԱՐԱՄ Ա ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ
ՄԵԾԻ ՏԱՆՆ ԿԻԼԻԿԻՈՅ
No comments:
Post a Comment