Thursday, September 18, 2008

Հոգեհանգիստ՝ Ի Յիշատակ Արկածի Զոհ Գացած Հայորդիներուն

«Ասպարէզ»
16 Սեպտեմբեր 2008

Կիրակի, Սեպտեմբեր 21, 2008ին, շրջանիս բոլոր եկեղեցիներուն մէջ յաւարտ Ս. եւ Անմահ Պատարագի պիտի կատարուի հոգեհանգստեան պաշտօն՝ Արեւմտեան Հայաստանէն դէպի Իրան վերադարձի ճամբուն վրայ հանրակառքի դժբախտ արկածի մը զոհ գացած 16 հայորդիներու հոգիներուն համար։ Միասնաբար յարգե՛նք Արեւմտեան Հայաստանի պատգամը իրենց հոգիներուն մէջ զոհուած հայորդիներուն յիշատակը։

Կարօտի Զոհերը

«Ասպարէզ»
16 Սեպտեմբեր 2008
Պատմական հայրենիքին կարօտը իւրաքանչիւրիս հոգիին ու սրտին մէջ է: Այս անգամ այդ ընթացիկ, մեր առօրեային անբաժան կարօտի կտտանքին աւելցաւ վիշտը նոր կորուստներուն՝ անհեթեթ, անիմաստ վթարի մը պատճառաւ, որ պատահեցաւ սրբազան լերան այնքան մօտիկ:
Վիպապաշտ ժողովուրդ ենք: Հաւանաբար նոյն այդ վիպապաշտութիւնը գործածած ենք իբրեւ զէնք ու զրահ՝ մխիթարուելու, սփոփուելու, կամ պարզապէս վերապրելու եւ ուժ հաւաքելու համար:
Այս անգամ ալ վիպապաշտութիւնը կը հասնի մեզ օգնութեան:
Հաշտուելու, բացատրելու, իմաստաւորելու համար կորուստները, գտնուեցաւ հրաշալի ձեւակերպումը՝ «Կարօտի Զոհեր» կոչելով աղէտեալները:
Թաւրիզի թեմակալ առաջնորդ Նշան եպս. Թոփուզեանն էր, որ յղացաւ այդ բանաձեւումը: Այս նոյն առաջնորդի աչքերուն առջեւ էր, ուր գործադրուած էր Ջուղայի խաչքարերու ջարդը, զոր իր միջոցներով ան արձանագրեց՝ իբրեւ փաստական խարան ատրպէյճանցի սինլքորներուն, եւ զոր աշխարհով մէկ տարածեց, համընդհանուր դատապարտութեան արժանացնելով այդ հակամարդկային ոճրագործութիւնը:
Կիրակի օր, մեր գաղութին մէջ ալ, հայկական բոլոր եկեղեցիներու խորանին առջեւ, հոգեհանգստեան պաշտօն պիտի կատարուի ի յիշատակ կարօտի տասնվեց հայորդի զոհերուն, որոնք մեր եղբայրներն են, որոնց դշխեմ ճակատագիրը կրնար մեզմէ ոեւէ մէկունը դառնալ, այդ նոյն ճանապարհին, հայրենիքը տեսնելու մարմաջը գոհացնելու ուխտագնացութեան մը ատեն:
Յիշենք, ու իրենց հայրենի հողը տեսնելէն աւելի ի՛սկ բոցավառուած կարօտի ուժը՝ թող ներարկուի բոլորիս մէջ:

ՑԱՒԱԿՑԱԳԻՐ

«Ալիք»
18 Սեպտեմբեր 2008

Խոր վշտով տեղեկացանք սեպտ. 8-ին Արեւմտեան Հայաստան այցելած մեր հայրենակիցների հանրակառքի վթարի մասին, որի հետեւանքով՝ իրանահայ համայնքը կրեց անփոխարինելի կորուստներ:Այդ կապակցութեամբ ցաւակցում ենք իրանահայ համայնքին, Թեհրանի, Սպահանի ու Ատրպատականի թեմերին եւ զոհւածների հարազատներին:
ՀՅԴ ԱՐՑԱԽԻ ԿԵՆՏՐՈՆԱԿԱՆ ԿՈՄԻՏԷ

ՎՇՏԱԿՑՈՒԹԻՒՆ

«Ալիք»
18 Սեպտեմբեր 2008
Այսու յանուն թեմիս կրօնական ու ազգային մարմինների եւ անձամբ մեր խորազգաց ցաւակցութիւններն ենք յայտնում Արեւմտեան Հայաստանում իրանահայ զբօսաշրջիկների ինքնաշարժի վթարի զոհերի ընտանիքի անդամներին եւ հարազատներին, ինչպէս նաեւ՝ իրանահայ երեք առաջնորդարաններին ու ողջ իրանահայութեան:
Այս անակնկալ եւ ցաւալի լուրը մեծապէս ցնցեց մեզ։ Կարդալով անմեղ զոհերի անունները՝ շատերին ճանաչեցինք՝ որպէս տարիների անձնական բարեկամներ, յատկապէս՝ Նոր Ջուղայի զբօսաշրջիկների պարագայում:
Առ ի գիտութիւն՝ յայտնենք, որ առաջիկայ ուրբաթ, սեպտեմբերի 19-ի առաւօտեան, յաւարտ ս. պատարագի, կը կատարւի հոգեհանգստեան պաշտօն՝ այս ահաւոր արկածի պատճառով զոհւած բոլոր հայորդիների համար:
Աղօթում ենք առ Բարձրեալն Աստւած, որ յիշեալ ննջեցեալների հոգիներն արժանացնի Իր երկնային լուսեղէն խորաններին եւ Սուրբ Հոգու մխիթարութիւնը պարգեւի բոլոր սգակիրներին։
Մնամ օրհնաձայն սիրոյ ողջունիւ,
ջերմօրէն աղօթարար՝ վշտակից
ԿՈՐԻՒՆ ԱՐՔ. ՊԱՊԵԱՆ ԿԱԹՈՂԻԿՈՍԱԿԱՆ
ՓՈԽԱՆՈՐԴ ՔՈՒՎԷՅԹԻ ԵՒ
ՊԱՐՍԻՑ ԾՈՑԻԵՐԿՐՆԵՐԻ ԹԵՄԻ
14 սեպտ., 2008, Քուվէյթ