«Ասպարէզ»
16 Սեպտեմբեր 2008
Պատմական հայրենիքին կարօտը իւրաքանչիւրիս հոգիին ու սրտին մէջ է: Այս անգամ այդ ընթացիկ, մեր առօրեային անբաժան կարօտի կտտանքին աւելցաւ վիշտը նոր կորուստներուն՝ անհեթեթ, անիմաստ վթարի մը պատճառաւ, որ պատահեցաւ սրբազան լերան այնքան մօտիկ:
16 Սեպտեմբեր 2008
Պատմական հայրենիքին կարօտը իւրաքանչիւրիս հոգիին ու սրտին մէջ է: Այս անգամ այդ ընթացիկ, մեր առօրեային անբաժան կարօտի կտտանքին աւելցաւ վիշտը նոր կորուստներուն՝ անհեթեթ, անիմաստ վթարի մը պատճառաւ, որ պատահեցաւ սրբազան լերան այնքան մօտիկ:
Վիպապաշտ ժողովուրդ ենք: Հաւանաբար նոյն այդ վիպապաշտութիւնը գործածած ենք իբրեւ զէնք ու զրահ՝ մխիթարուելու, սփոփուելու, կամ պարզապէս վերապրելու եւ ուժ հաւաքելու համար:
Այս անգամ ալ վիպապաշտութիւնը կը հասնի մեզ օգնութեան:
Հաշտուելու, բացատրելու, իմաստաւորելու համար կորուստները, գտնուեցաւ հրաշալի ձեւակերպումը՝ «Կարօտի Զոհեր» կոչելով աղէտեալները:
Թաւրիզի թեմակալ առաջնորդ Նշան եպս. Թոփուզեանն էր, որ յղացաւ այդ բանաձեւումը: Այս նոյն առաջնորդի աչքերուն առջեւ էր, ուր գործադրուած էր Ջուղայի խաչքարերու ջարդը, զոր իր միջոցներով ան արձանագրեց՝ իբրեւ փաստական խարան ատրպէյճանցի սինլքորներուն, եւ զոր աշխարհով մէկ տարածեց, համընդհանուր դատապարտութեան արժանացնելով այդ հակամարդկային ոճրագործութիւնը:
Կիրակի օր, մեր գաղութին մէջ ալ, հայկական բոլոր եկեղեցիներու խորանին առջեւ, հոգեհանգստեան պաշտօն պիտի կատարուի ի յիշատակ կարօտի տասնվեց հայորդի զոհերուն, որոնք մեր եղբայրներն են, որոնց դշխեմ ճակատագիրը կրնար մեզմէ ոեւէ մէկունը դառնալ, այդ նոյն ճանապարհին, հայրենիքը տեսնելու մարմաջը գոհացնելու ուխտագնացութեան մը ատեն:
Յիշենք, ու իրենց հայրենի հողը տեսնելէն աւելի ի՛սկ բոցավառուած կարօտի ուժը՝ թող ներարկուի բոլորիս մէջ:
No comments:
Post a Comment