Tuesday, September 16, 2008

ՑԱՒԱԿՑԱԳՐԵՐ

«Ալիք»
16 Սեպտեմբեր 2008
Գերշ. Տ. Սեպուհ Ս. արք. Սարգսեան՝
Առաջնորդ Թեհրանի հայոց թեմի,
Գերշ. Տ. Բաբգէն Ս. եպս. Չարեան՝
Առաջնորդ Սպահանի հայոց թեմի,
Գերշ. Տ. Նշան Ս. եպս. Թոփուզեան՝
Առաջնորդ Ատրպատականի հայոց թեմի,
Ահաւոր արկածի պատճառած բազմաթիւ հայ զոհերու կորուստը մեծ էր ու ծանր մի հարւած իրանահայութեան, իսկ մեզի խոր ցաւ պատճառեց:
Կը վշտակցենք եւ մեր խորազգաց ցաւակցութիւնները կը յայտնենք հայոց երեք թեմերու առաջնորդ Սրբազան Հայրերուն, երեք թեմերու ազգային իշխանութեանց, արկածի զոհերու ընտանիքներուն, ինչպէս նաեւ համայն իրանահայութեան:Կը հայցենք ու կաղօթենք Ամենակարողին, որ նման արկածներէն հեռու պահէ իրանահայերը եւ աշխարհով մէկ սփռւած բոլոր հայերը:
ԷՅՊԷԶԻ ՀԱՅՐԵՆԱԿՑԱԿԱՆ ՄԻՈՒԹԵԱՆ ՎԱՐՉՈՒԹԻՒՆ
______________________________________________
Գերաշնորհ Տ. Սեպուհ արք. Սարգսեան
(Առաջնորդ Թեհրանի թեմին),
Գերաշնորհ Տ. Բաբգէն եպս. Չարեան
(Առաջնորդ Սպահանի թեմին),
Գերաշնորհ Տ. Նշան եպս. Թոփուզեան
(Առաջնորդ Ատրպատականի թեմին),
Խոր ցաւով իմացանք ինքնաշարժի արկածին մասին, որ պատահած է սեպտեմբերի 9-ի առաջին ժամերուն եւ պատճառած տասնեակ զոհեր ու վիրաւորներ։
Յանուն թեմիս հոգեւորական դասուն, ժողովականութեան եւ ժողովուրդին՝ կը ցաւակցինք զոհերու ընտանիքներուն ու պարագաներուն եւ կաղօթենք, որ Աստւած հանգիստ շնորհէ զոհերուն եւ Սուրբ Հոգւոյ մխիթարութիւն՝ ընտանեկան պարագաներուն, ինչպէս նաեւ շուտափոյթ եւ բարի ապաքինում՝ վիրաւորներուն։
Մնամ ցաւակից
Աղօթակից՝
ՎԱՐՈՒԺԱՆ ԱՐՔ.՝ ԿԱԹՈՂԻԿՈՍԱԿԱՆ
ՓՈԽԱՆՈՐԴ ԿԻՊՐՈՍԻ ԹԵՄԻՆ
______________________________________________
Պրն. Գէորգ Վարդանեան՝
հիւսիսային իրանահայութեան պատգամաւոր,
Յարգելի պրն. Վարդանեան,
Սրտի անհուն կսկիծով իմացանք Թուրքիոյ արեւելեան շրջանին մէջ տեղի ունեցած դժբախտ պատահարին մասին:
Անձնապէս եւ կիպրահայ համայնքի կողմէ կը փոխանցենք մեր խոր ցաւակցութիւնները՝ հանրակառքի արկածին պատճառով զոհ գացած իրանահայ զոհերուն համար:
Այս գծով Ձեր կողմէ տարւած անհրաժեշտ համադրումի աշխատանքները՝ իրանական իշխանութիւններու եւ Թուրքիոյ Իրանի դեսպանատան միջեւ, բարձր կը գնահատենք:
ՑԱՒԱԿՑՈՒԹԵԱՄԲ՝
ՎԱՐԴԳԷՍ ՄԱՀՏԵՍԵԱՆ՝
ԿԻՊՐԱՀԱՅ ՀԱՄԱՅՆՔԻ ՊԵՏԱԿԱՆ ՆԵՐԿԱՅԱՑՈՒՑԻՉ

No comments: